Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼԻ ԱՅՑԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլը։ Սոյն ընդունելութեան ընթացքին Տիգրան Կիւլմէզկիլ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան միջեւ կալուածի մը սեփականութեան առընչութեամբ գոյացած տարակարծութեանց մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը յետ ունկնդրութեան իր հայրական յորդորները տուաւ տարակարծութեան խաղաղ եւ սիրոյ մթնոլորտի մէջ լուծման կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց խնամակալութեան համայնքանուէր գործունէութեանց մէջ։ (Լուսանկարը՝ Պատրիարքարանէն)
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2020
Թրքահայ կեանք
- 02/08/2025