ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐԸ ՋԵՐՄ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՆ ՀՈՒՆԳԱՐԱՑԻ ՀԱՅԱԳԷՏ ՊԵՆԵՏԷՔ ԺԻԿՄՈՆՏԸ

Մեր հա­մայն­քը վեր­ջին օ­րե­րուն կը հիւ­րըն­կա­լէ Հուն­գա­րիա­յէն հա­յա­գէտ Պե­նե­տէք Ժիկ­մոն­տը։ Իւ­րա­յա­տուկ հիւր մըն է ան մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ո­րով­հե­տեւ բա­ւա­կան բարձր մա­կար­դա­կով կը տի­րա­պե­տէ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի եւ իր այդ ի­մա­ցու­թեան հի­ման վրայ ա­ռար­կայ կը դառ­նայ թէ՛ հա­մակ­րան­քի եւ թէ հիաց­մուն­քի։ Պե­նե­տէք Ժիկ­մոնտ կը մաս­նակ­ցի նաեւ զա­նա­զան ձեռ­նարկ­նե­րու, ո­րոնց ըն­թաց­քին իր ներ­կա­յու­թիւ­նը ար­դէն դար­ձած է հա­ճե­լի։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նիքն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն հիւ­րըն­կա­լեց Ժիկ­մոն­տը, մա­նա­ւանդ որ թա­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան մօ­տէն կը զբա­ղի իր հիւ­րըն­կալ­մամբ։ Այս­պէս, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցան վա­յե­լե­լու հուն­գա­րա­ցի Պե­նե­տէք Ժիկ­մոն­տը, որ քա­ղաքս կը գտնուի՝ ուղ­ղա­կի հա­յե­րէն լե­զուի եւ մշա­կոյ­թի հան­դէպ իր ու­նե­ցած հե­տաքրք­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ:

Պե­նե­տէք Ժիկ­մոնտ բա­ցատ­րեց, թէ ե՛րբ եւ ինչ­պէ՛ս հա­յե­րէն սոր­վե­ցաւ, նախ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նը սոր­վե­ցաւ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սըն­թացք­նե­րէն, իսկ վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սոր­վե­ցաւ եւ կը խօ­սի նաեւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն:

Տղոց յոր­դո­րեց խօ­սիլ հա­յե­րէն։ «Հա­յե­րէն խօ­սե­ցէք, որ­պէս­զի թէ՛ լե­զուն չկոր­սուի եւ թէ դուք կա­րե­նաք պա­հել ձեր ինք­նու­թիւ­նը, կա­րե­ւո­րու­թիւն պէտք է տաք հայ մշա­կոյ­թին։ Հա­յը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է հա­զա­րա­ւոր դա­րե­րէ ի վեր», ը­սաւ ան:

Տղոց­մէ ո­մանք ուղ­ղե­ցին հար­ցում­ներ, ո­րոնց պա­տաս­խա­նեց մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ: Տղա­քը խոս­տա­ցան միշտ հա­յե­րէն խօ­սիլ՝ թէ՛ դպրո­ցին մէջ եւ թէ տու­նը ու վե­րա­դար­ձան ի­րենց դա­սա­րան­նե­րը լաւ տրա­մադ­րու­թեամբ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2015