ՊԱԼԱԹԻ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՂԵԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, ընտրութիւններուն ընդառաջ մեր հիւրերը եղան թեկնածուներէն Մարի Աքավաֆեան, Յակոբ Տուրսուն եւ Արիս Տեմիր։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին թեկնածուները մեզի մանրամասն բացատրութիւններ տուին Պալաթի մեր եկեղեցւոյ վերաբերեալ իրենց տեսլականին, մտադրութիւններուն եւ ծրագիրներուն շուրջ։ Այդ բոլորը հետաքրքրական էին՝ նախ այն առումով, որ այս Կապոյտ ցուցակի ներկայացուցիչները համայնքային կեանքէն ներս բաւական փորձառու դէմքեր են, երկար տարիներ կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած անձնաւորութիւններ։ Երկրորդ տեսանկիւնէ մըն ալ կարեւոր էին իրենց դիտարկումները, որոնք Պալաթի պարագային երկար ժամկէտի մը վրայ արժեւորման առիթ ընձեռեցին։ Ծանօթ է, որ շուրջ տասնհինգ տարիէ ի վեր համայնքին մէջ ընտրութիւն տեղի չէ ունեցած։ Սա թէեւ ընդհանուր հարց մըն էր, սակայն, այդ ընդհանրութենէն դուրս առանձնապէս խնդրայարոյց կէտ մը եղած էր Պալաթը։ Յիշողութեան մակերեսային թարմացում մը բաւարար է մտաբերելու համար, թէ Պալաթի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար կատարուած վերջին ընտրութիւնները որքան գայթակղեցուցիչ պայմաններու ներքեւ կազմակերպուած էին։ Թաղային խորհուրդին կողմէ՝ որպէս ընտրական մարմին այդ ժամանակ պաշտօնի կոչուած տխրահռչակ անձեր բառին բուն իմաստով ընտրութեան փոխարէն՝ քուէարկութեան աճպարարութիւն մը կազմակերպած էին ու նեղ թաղային շրջանի համակարգին հետեւանքով պատնէշուած էր մեր ժողովուրդին կամքը։ Այդ ժամանակ Պալաթի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար դարձեալ ծառայութեան պատրաստակամութեամբ հանդէս եկած էր Յակոբ Տուրսուն՝ խումբ մը ընկերներուն հետ։ Բայց եւ այնպէս, այդ ընտրական մարմինը արգիլած էր նոյնիսկ անոնց թեկնածութիւնը եւ այդ մարդիկ գործնականօրէն զտուելով դուրս մնացած էին ընտրական գործընթացէն։

Այժմ, Յակոբ Տուրսուն՝ այս անգամ նոր համախոհ ընկերներով դարձեալ Պալաթի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար շարժման անցած է, որպէսզի այս պատմական թաղը այլեւս թօթափուի եւ ողբերգական ու ցաւալի կացութիւնը յաղթահարէ։

Պալաթի Կապոյտ ցանկի ներկայացուցիչները զրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեցին, որ ըստ 1936 թուականի յայտնի յայտարարագրին՝ այս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ունի պաշտօնապէս արձանագրուած, իր տնօրինման յանձնուած 50 եկեղեցապատկան կալուած։ Այսօր միայն 10 եկեղեցապատկան կալուած ունի Պալաթը։ Կապոյտ ցանկի ներկայացուցիչները հետամուտ են հասկնալ, թէ մնացեալ այդ չորս տասնեակ համայնքապատկան կալուածներու ճակատագիրը ինչ եղած է։ Բոլոր հանգամանքները պէտք է մանրամասնօրէն պարզուին, հաւանական իրաւունքի կորուստներու պարագային պէտք է նախաձեռնութիւններ կատարուին, որովհետեւ համայնքի արդար իրաւունքն է տեղեակ ըլլալ, այլապէս առկայ ընթացքը կը վիրաւորէ բոլորին խիղճը։

Բաց աստի, Կապոյտ ցուցակի անդամները ցաւով կը դիտարկեն թաղի երբեմնի Խորէնեան վարժարանի շէնքին առկայ վիճակը, որ իսկապէս ամօթալի համեմատութիւններու հասած է։ Թէեւ Պալաթի եկեղեցին որպէս ուխտատեղի բարոյական մեծ իմաստ կը ներկայացնէ մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ, սակայն տասնամեակներէ ի վեր ֆիզիքական տարրական խնամքէ զուրկ մնացած է։ Ուստի, Կապոյտ ցուցակը կը նախատեսէ եկեղեցւոյ շէնքին համար ապահովել պայծառութիւն, իսկ երբեմնի վարժարանին շէնքը վերանորոգելով դնել համայնքի տրամադրութեան տակ։ Դպրոցի շէնքին գտնուած տեղը այսօր Իսթանպուլի ընկերային կեանքին տեսակէտէ բաւական ի պատուի է։ Ուստի, եթէ ան արժեւորուի, ապա մեր նոր սերունդին տեսակէտէ կրնայ ձգողականութիւն ունենալ։ Այս հեռանկարին կապակցութեամբ Կապոյտ ցուցակը համայնքային այլ կառոյցներու հետ ալ շփում հաստատած է եւ համախոհութիւն ապահոված։

Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները շեշտեցին, որ Պալաթի պարագային գոյացած ընդհանուր անտէրութիւնը Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան պարագային ալ խնդրոյ առարկայ է։ Ծանօթ է, որ պատմական այս գերեզմանատան տարածքը ներկայիս մասնատուած է եւ այդ բաժիններէն անդին՝ հանդիպակաց դիրքին վրայ կը գտնուի ուրիշ ընդարձակ տարածք մը, որու սեփականութեան իրաւունքը ձեռք բերելու համար պէտք է ձեռնարկել աշխատանքի։ Այդ տարածքը պատմականօրէն պատկանած է եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ եթէ սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ առկայ պղտորութիւնները յաղթահարուին, ապա համայնքին առջեւ շատ լուրջ հեռանկարներ կրնան բացուիլ։ Խօսքը կը վերաբերի շուրջ 6-7 հազար քառակուսի մեթր տարածքի մը։

Այս բոլորի լոյսին տակ Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները կ՚ակնկալեն մեր համայնքին զօրակցութիւնը՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ժամանակ, որպէսզի պատմական այս թաղին մէջ ստեղծուի կենսունակութեան մթնոլորտ եւ վարչական գործունէութիւնն ալ յառաջ տարուի թափանցիկութեամբ ու համայնքի ընդհանրական, հասարակաց շահերու առանցքին շուրջ։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2022