ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս տարի եւս Ս. Զատկի առթիւ Գումգաբուի մէջ ստեղծուեցաւ անմիջական միջավայր մը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին շնորհաւորելու տաղաւարը։ Պատրիարքարանի դահլիճի երդիքին տակ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Ընդհանուր Փոխանորդը հայրական արտայայտութիւններով շնորհաւորեց տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, որոնց յղեց բարեմաղթութիւններ։ Ան բարձր գնահատեց տիկնանց յանձնախումբերուն կողմէ մեր համայնքէն ներս ծաւալուած գործունէութիւնը։
Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ մեր իրականութեան մէջ պէտք է ա՛լ աւելի բարձրանայ իգական սեռի դերակատարութիւնը։
Զրոյցի աւարտին երգուեցաւ Ս. Զատկի շարականը եւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը զատկական հաւկիթներ նուիրեց հիւրերուն։ Պատրիարքարանի աստիճաններուն վրայ կատարուած նկարահանումէն վերջ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները հրաժեշտ առին Գումգաբուէն։