ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆԻ Ս. ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Հաւատամք ի մի Աստուած, ի Հայրն ամենակալ յԱրարիչն երկնի եւ երկրի … ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ … չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ…»։

Հոգ չէ թէ ինչ ահաւոր փոփոխութիւններ կատարուած ըլլան մեր այս պզտիկցած մոլորակին վրայ երկու հազար տարիներէ ի վեր, առնուազն երկու ճշմարտութիւններ կը մնան եւ պիտի մնան անփոփոխելի հաւատացեալներուս համար։ Առաջինը Աստուծոյ գոյութիւնն է, իսկ եւ երկրորդը՝ Քրիստոսի Յարութիւնը։ Ասոնք յաւիտենական հիմնաքարերն են մեր կրօնքին, որոնք փոփոխութեան կամ տեղափոխութեան ենթակայ չեն կրնար ըլլալ։ Ասոնց չհաւատացողներ իրենք կ՚ենթարկուին փոփոխութեան։ Հաւատափոխ կ՚ըլլան։ Ճշմարտութիւնը եւ անոր հանդէպ հաւատացողներուն ունեցած մտքի եւ հոգիի կեցուածքը երբեք փոփոխութեան չ՚ենթարկուիր. «Հաւատամք ի մի Աստուած, ի Հայրն ամենակալ, յԱրարիչն երկնի եւ երկրի … ի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ … չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ…»։ Այս հաւատամքը պիտի կրկնէ եկեղեցին մինչեւ «եկեսցէ նա ի դատել զկենդանիս եւ զմեռեալս, որ եւ յարութիւն ամենայն մարդկան»։ Այն ատեն միայն պիտի դադրինք հաւատալէ, որովհետեւ երբ կը տեսնենք մեր հաւատքի առարկան, այլեւս հաւատքի պէտք չի մնար։

Կրնայ ըլլալ, որ մեզմէ՝ հաւատացողներէս ոմանց համար միգամածային ըլլայ Յարութեան կեդրոնական այս ճշմարտութիւնը։ Սակայն ատիկա երբեք պատճառ մը չէ, որ Զատկին չփութանք մեր եկեղեցիները, մասնակից դառնալու համար Յարութեան աւետիսին, յաճախ երգուած մեր փոքրիկներուն անմեղ բերաններէն՝ զիլ ձայներով, «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։

Զատկին կը փութանք մեր եկեղեցիները Թովմասի նման խոնարհելու Անոր իրականութեան ներկայութեան. Տէր իմ եւ Աստուած իմ դաւանելով եւ Հոգւով ու ճշմարտութեամբ պաշտելու Յարուցեալը, որուն համար ըսուած է.

«Ան է Սկիզբը, մեռելներէն յարութիւն առնող Առաջինը։ Անոր մէջ հաճեցաւ բնակիլ Աստուծոյ ամբողջ լրումը եւ լինելութիւնը։ Անոր արեան հեղումով խաչին վրայ Աստուած խաղաղութիւն հաստատեց, հաշտեցնելու համար ամէն բան, երկրի վրայ կամ երկինքի մէջ։ Մենք օտարացած էինք Աստուծմէ։ Անոր թշնամիներն էինք միտքով, սիրտով եւ մեր չար գործերով. բայց այժմ ահաւասիկ հաշտեցուց զմեզ Իրեն հետ Իր մահովը, որպէսզի զմեզ Աստուծոյ ներկայացնէ իբրեւ սուրբ, անբիծ եւ անարատ արարածներ. պայմանաւ սակայն, որ մենք հաւատքի մէջ արմատացած եւ հաստատ մնանք. չերերանք երբեք այն Յոյսէն, որ քարոզուած է մեզի Աւետարանի մի-ջոցաւ, զոր լսեցինք եւ որ յայտարարուած է երկինքի ներքեւ գտնուած բոլոր արարածներուն» (Ա. Կող. Ա. 17-23)։

Անոր փառք յաւիտեանս ամէն։

Տօնական այս առթիւ, կը մաղթենք բոլորիդ այն երջանկութիւնը եւ ուրախութիւնը, որ եղաւ Յիսուսի յարութեան առաջին ականատեսներուն։ Մանաւանդ կը ցանկանք ամենքիդ Անոր յարուցեալ կեանքէն ճառագայթող զօրութիւնը, զոր զգացին իրենց կեանքերուն մէջ, բոլոր անոնք թէեւ չտեսան զԱյն յարուցեալ վիճակի մէջ, բայց հաւատացին Անոր։

Ձեզ եւ մեզ մեծ ա­ւե­տիս.
Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց։
Օրհ­նեալ է յա­րու­թիւնն Քրիս­տո­սի։

Ինչպէս միշտ, Քրիստոսի Ս. Յարութեան այս տաղաւարին եւս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կը շարունակենք աղօթել մեր սիրելի Հոգեւոր Պետին՝ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Բ. Ս. Պատրիարքին համար։ Վստահ ենք, որ իբրեւ նշան հաւատքի միութեան հաւատացեալներ եւս կու գան միանալ մեզի, ապաւինելով աղօթքի զօրակցութեան։ Կը շարունակենք աղօթել նաեւ հարեւան՝ Սուրիահայ եւ Իրաքահայ համայնքներու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, ինչպէս նաեւ նոյն երկրի բոլոր հայրենակիցներուն համար, առանց ցեղի, կրօնքի եւ դաւանանքի խտրութեան։

Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարին առիթով կը շնորհաւորենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր, եւ քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական Մարմնի, Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ-քոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադիրներու ներկայացուցիչները, Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Ս. Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Ս. Յարութեան տաղաւարին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով՝ վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Յարութեան տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք Սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ, Սուրբ Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան, Մխիթարեան վարժարաններու Միութիւններուն եւ արտասահմանի բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր մեր ժողովուրդին, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍ­ՏՈՍ ՅԱ­ՐԵԱՒ Ի ՄԵ­ՌԵ­ԼՈՑ։
ՕՐՀ­ՆԵԱԼ Է ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­ՏՈ­ՍԻ։

 

                                                                                                                     

                                                                          Ա­ՐԱՄ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ
                                                                ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ԿԱՆ ԸՆԴ­ՀԱ­ՆՈՒՐ ՓՈ­ԽԱ­ՆՈՐԴ

 

 

Շաբաթ, Մարտ 31, 2018