Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր արտասահմանի մէջ, շաբաթավերջին վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս հաղորդած էինք, նորին սրբազնութիւնը Եւրոպա մեկնած էր՝ այցելելու համար իր հարազատներուն։

Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի բացակայութեան օրերուն Եկեղեցական համագումարը ընդունեց որոշում մը, որով Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ստորագրութեան իրաւունքը վերահաստատեց՝ որպէս Աթոռի միակ ներկայացուցիչը յաչս պաշտօնական մարմիններուն եւ դրամատուներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2017