ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ ԵՒ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ
Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան եզրափակուեցան Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին վրայ կազմակերպուած 2015 թուականի ամրան շրջանի եզրափակիչ հանդիսութեան նախագահեց Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան։
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած պասքեթպոլի, վոլէյպոլի եւ ճատրակի դասընթացքները անցնող շաբաթներուն համախմբեցին կղզեբնակ մեր բազմաթիւ ընտանիքներու զաւակները։ Եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին մասնակից փոքրիկներն ու պատանիները ստացան վկայականներ եւ մետայլներ։ Անոնց ծնողները վառ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան օրուան յայտագրին։ Ներկայ էին Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, մեր մարզասէր ազգայիններէն Ղազարոս Ունան, Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Գարասու, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Յարութիւն Քիլէճի, տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Հաւաքոյթը սկսաւ Շիշլիի վարչայիններէն Սեւան Քըլըճեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան այս առթիւ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ ակումբի ամրան ծրագրերուն շուրջ։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք, որ իր գործակից ընկերներուն հետ կը ջանայ վերելքի հունի մը մէջ պահել ակումբին գործունէութիւնը։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան անդրադարձաւ մարմնամարզի կարեւորութեան եւ մեր երիտասարդ սերունդին առջեւ ուրուագծած հորիզոններուն։ Հայր Սուրբը դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ Ղազարոս Ունանի մասին, որ վերջերս շնորհակալագրով մը եւ յուշամետայլով մը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ներկաները այս առթիւ բուռն ծափերով իրենց համակրանքին առարկայ դարձուցին Ղազարոս Ունանը։ Պարգեւատրման հանգրուանին իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Վազգէն Պարըն։
Հանդիսութեան ընթացքին Թամար Ներկիզ շնորհակալութեան յուշանուէր մը յանձնեց ատենապետ Ալէն Թէքպըչաքին՝ քանի որ Կազդուրման կայանի տղաքն ալ ընդգրկուած էին ակումբի ամրան դասընթացքներուն։
Վկայականներու եւ մետայլներու յանձնումէն վերջ հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ներկաները հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ ու գնահատեցին Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութիւններուն կարեւորութիւնը։ Այս իմաստով խորհրդանշական էր նաեւ Շիշլի մարզակումբէն հասած յաջող մարզիկներէն Քեւըն Գասպարի ներկայութիւնը։
Հարկ է նշել, որ Շիշլի մարզակումբը ձմրան շրջանին ալ կը կազմակերպէ դասընթացքներ։ Մինչ այդ, 1946 թուականին հիմնուած Շիշլի մարզակումբը կը պատրաստուի յաջորդ տարի նշել իր 70-ամեայ յոբելեանը։