ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՔԹ. ՊԵՏՐՈՍ ԹԻՒՐԱՊԻՔ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է Տքթ. Պետրոս Թիւրապիք։ Մեր բժշկական դասու յայտնի դէմքերէն մին եղած է ան՝ որպէս ջղային հիւանդութեանց մասնագէտ։ Երկար տարիներ աշխատած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ստանձնելով նաեւ վարչական պատասխանատուութիւններ։ Իր ծաւալած համայնքային գործունէութեան շրջագծով միշտ եղած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի համակիր ու զօրավիգ, մասնաւորապէս այն դժուար ժամանակա-շըրջանին մէջ, երբ հաստատութեան պաշտօնական կարգավիճակը ենթարկուած էր պղտորութեան։
Տքթ. Պետրոս Թիւրապիք մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէ՝ համայնքէն ներս թողած ըլլալով բարի յիշատակ մը՝ իր բնաւորութեամբ եւ ծաւալած աշխատանքին արժանացած գնահատանքով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք համայն իր ընտանիքին։