ՆԵՐՔԻՆ ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Մեր համայնքի երիտասարդ արուեստագէտներէն Արտէն Ուլիկեան ներկայիս բացած է ցուցահանդէս մը, որ ստեղծած է լայն արձագանգ եւ արժանացած՝ գեղարուեստասէր հասարակութեան ջերմ գնահատանքին։ «Ներքին հնագիտութիւն» (İçsel Arkeoloji) խորագրեալ այս ցուցահանդէսը նկարիչ Արտէն Ուլիկեանի գեղարուեստական գործունէութիւնը տարբեր հարթութեան մը վրայ կը դնէ։ Ան թէեւ սերունդով երիտասարդ է, սակայն լուրջ ոստում մը արձանագրած է ստեղծագործական կեանքի մէջ։

«10 Քարաքէօյ» պանդոկին մէջ բացուած է Արտէն Ուլիկեանի ցուցահանդէսը, որ կը տեւէ շուրջ երկու ամիս։ Բացման օրուընէ սկսեալ «10 Քարաքէօյ»ը դարձած է գեղարուեստասէրներու ժամադրավայրը։ Արտէն Ուլիկեանի ցուցահանդէսը կը համախմբէ արդի արուեստի հոծ թիւով սիրահարներ, որոնք հիացումով հաղորդ կը դառնան երիտասարդ նկարչի ինքնուրոյն ոճին։ «10 Քարաքէօյ»ի ընդհանուր տնօրէն Էյլէմ Աթալայն ալ վկայութիւն կը բերէ Արտէն Ուլիկեանի ցուցահանդէսով արձանագրուած յաջողութեան համար։ Ըստ իրեն, Արտէն Ուլիկեանի փորագրման թեքնիկով նկարներուն մէջ պատկերուած է Իսթանպուլ քաղաքը՝ հարիւրաւոր տարիներու անցեալով։ Այս ցուցահանդէսը հիւրընկալ պանդոկի ոդիսականին հետ ալ կը համընկնի ամբողջութեամբ։ Հետեւաբար, ընդհանուր տնօրէնը շեշտած է, որ իրենց տեսակէտէ մեծ երջանկութեան առիթ մըն է՝ այս ձեռնարկին «10 Քարաքէօյ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ըլլալը։

Հարկ է նշել, որ Արտէն Ուլիկեան որդին է մեր ծանօթ ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեանի։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018