ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձը։ Ակումբի դասընթացքներուն մասնակից՝ զանազան սերունդներէ մարզիկները համակուած էին տօնական ուրախութեամբ։ Բոլորը դրօշակներով նկարահանուեցան իրենց մարզիչներուն հետ եւ աւելի վերջ ձեռնարկեցին աշխատանքի։ Պատանի մարզիկները նաեւ յարգանքի լռութիւն պահելով յարգեցին Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի յիշատակը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022