ՄԱԼԱԹԻԱՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Մալաթիահայոց Հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարապետ Օրունէօզի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Այսպէս, Պատրիարքարանի մէջ միութեան վարիչները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան, նիւթական կացութեան, ծրագրերուն, նաեւ տարեսկիզբի երկրաշարժէն աւերուած կառոյցներու վերանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին մասին։ Անոնք յայտնեցին, որ այս տարի միութեան հիմնադրութեան 13-րդ տարեդարձն է եւ այս առթիւ յառաջիկայ նոյեմբերի 18-ին նախատեսուած է ընթրիք մը։ Այս առթիւ վարչայինները Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին՝ նախագահելու սիրոյ սեղանին։
Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար եւ գնահատեց միութեան գործունէութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց նման միութեանց կարեւորութիւնը համայնքային կեանքէն ներս եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ ծրագիրներուն կապակցութեամբ։