ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նորոգ վախճանեալ Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց նաեւ հոգելոյս տէր հօր թաղման կարգը։ Տարեմուտի դրութեամբ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն համար յուզումնալի էր հրաժեշտ տալ իրենց երէց հոգեւոր եղբայրներէն մէկուն, որ վերջին օրերուն հիւանդանոցի մէջ հոգին աւանդած էր՝ շուրջ երկու ամիս խտացեալ խնամքի տակ մնալէ վերջ։ Գումգաբուի յուզումնալի հրաժեշտին առթիւ համախմբուած էր Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան։ Հարկ է նշել, որ պատարագիչ տէր հայրը եղած էր վախճանեալ Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեանի օծակից եղբայրը։ Յընթացս Ս. Պատարագի Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կատարեց հոգելոյս քահանայ հօր վերջին օծումը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ կուռ դամբանական մը խօսեցաւ՝ վեր առնելով նորոգ վախճանեալ քահանայ հօր հոգեւոր սպասաւորութիւնը եւ մեր եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս բերած ծառայութիւնները։

Վերջին օծման կարգէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ, մեր հոգեւորականաց դասու անդամները մի առ մի խորան բարձրանալով վերջին հրաժեշտը տուին իրենց հոգեւոր եղբօր՝ խոնարհելով անոր դագաղին առջեւ։

Երեքշաբթի, Յունուար 4, 2022