ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանը, որ Ս. Զատկի շրջանին կ՚այցելէ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը վերջերս նշանակուած է Կրետէի հոգեւոր տեսուչ։ Յունաստանի այս կղզիի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին մաս կը կազմէ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։ Սա Պոլսոյ Պատրիարքութեան տնօրինութեան յանձնուած՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքէն դուրս միակ եկեղեցին է։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հաստատումով Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան այս տարեմուտէն ի վեր արդէն հաստատուած է Կրետէ, ուր կը վարէ հոգեւոր տեսուչի պաշտօնը։

Նկատի ունենալով մեր վաղեմի ծանօթութիւնը՝ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի երէկուան այցելութիւնը իսկապէս օրհնաբեր էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին տեսակէտէ։ Խմբագրատանս երդիքին տակ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ զրոյցի տեւողութեան, որուն ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան մեզի յայտնեց, որ երիտասարդութեան տարիներուն իր բարձրագոյն ուսումը կատարած էր Յունաստանի մէջ, յաջորդող տասնամեակներուն ծաւալած բազմաբնոյթ աշխատանքէն վերջ փափաքած էր առաքելութիւնը տեւականացնել Կրետէի մէջ, ուր երիտասարդութեան տարիներուն ալ որպէս հովիւ պաշտօնավարած էր եւ տեղւոյն եկեղեցին կը համարէր իրեն տեսակէտէ սրտամօտիկ։ Այժմ Կրետէի փոքրաթիւ հայ համայնքին տեսակէտէ բացառիկ հնարաւորութիւն մըն է՝ որպէս հոգեւոր տեսուչ վայելել Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի ներկայութիւնը։ Արդարեւ, ան շատ փորձառու եւ հեղինակաւոր հոգեւորական մըն է, որ բոլորի յարգանքին ու համակրանքին առարկայ դարձած է։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբազնութիւնը երէկ մեզի յայտնեց, որ Կրետէի մէջ բնակութիւն հաստատած է եկեղեցւոյ յարակից հովուատան մէջ։ Տեղւոյն հայ հաւատացեալներուն հետ արդէն ջերմ կապեր հաստատած է եւ անոնք սկսած են աւելի յաճախակիօրէն եկեղեցի այցելել՝ մանաւանդ, որ ծխական խորհուրդն ալ համագործակցութեան մեծ պատրաստակամութիւն ունի։ Հովուական ու տեսչական աշխատանքին զուգահեռ՝ Նորին Սրբազնութիւնը Կրետէի մէջ կը շարունակէ նաեւ իր գիտական գործունէութիւնը։

Ի յիշատակ երէկուան այցելութեան՝ Տ. Եզնիկ Արքեպիսկոպոս Պետրոսեան խմբագրատունէս հրաժեշտ առնելէ առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գրադարանին համար նուիրեց «Աստուածաշնչային պատումներ» գիրքը, որուն խմբագիրը եղած էր։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2024