ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍԸ
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը։ Մանկապարտիզպանուհի Սիպիլ Հայրանեանի, դպրոցի ուսուցչական կազմէն Ռիթա Մարտինեանի, Կարին Մարտիկեանի, Գարին Սուսմաք-Քաթրանճըօղլուի եւ Նայիրա Ալաչամի ջանքերով պատրաստուած էր այս հանդէսը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, վարժարանի ծնողաց միութեան անդամները, մանկապարտէզի փոքրիկներուն ընտանիքները։
Սիպիլ Հայրանեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ յայտագիրը, որու ընթացքին փոքրիկները ծափահարութեան արժանացան իրենց արտասանութիւններով, խմբերգներով, պարերով ու թատերակներով՝ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն։
Ծրագիրը եզրափակուեցաւ Ռիթա Կետիքլիօղլուի խօսքով, ապա սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։