«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՆՁՆԵՑԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աւարտական՝ 9-րդ դասարանի աշակերտները վերջերս Երեւան մեկնեցան յանձնելու համար քննութիւններ։ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան հետ գոյացած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ անոնք Երեւան մեկնեցան՝ յանձնելու համար պետական քննութիւններ եւ ունենալու համար համապատասխան վաւերացեալ վկայականներ, որոնց հիման վրայ իրենց լիսէի ուսումը պիտի շարունակեն Հայաստանի մէջ։
Վարժարանի տնօրէութիւնը տեղեկացուց, որ այս գործընթացը չափազանց կարեւոր է։ Արդարեւ, այսպէսով դպրոցին մէջ աշակերտներուն ջամբուած կրթութիւնը կը ստանայ պաշտօնական կարգավիճակ, տղաքը կը ստանան պետականօրէն վաւերացեալ պաշտօնական վկայական մը։ Կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մին ալ այն է, որ անոնք իրենց հետագայ ուսումը պիտի շարունակեն Հայաստանի մէջ։ Սա վարժարանի գաղափարախօսութեան հիմնասիւներէն մին է։ Կրթօճախի համար միշտ ալ ամենակարեւոր ու նուիրական նպատակներէն մին եղած է աշակերտները մղել դէպի Հայաստան, իրենց ընտանիքներով հանդերձ։
Երեւանի մէջ աւարտական դասարաններու սաներուն ուղեկցեցաւ վարժարանի փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան։ Այս վերջինը երիտասարդ կրթական մշակ մըն է եւ դպրոցի կայացման ուղղութեամբ ունի իր լուրջ ներդրումը՝ ըլլալով տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի անմիջական գործակիցներէն մին։ Խումբին միացաւ նաեւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորեն կամաւորաց հոգաբարձութիւնը։ Տղաքը թէեւ դժուարին քննութիւններ յանձնելու հոգեվիճակին մէջ էին, սակայն Երեւանի հարազատ ու հիւրընկալ մթնոլորտին մէջ այդ բոլորը աւելի տանելի ու թեթեւ էր իրենց համար։
Աշակերտները այցելեցին նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարան, ուր շրջայց մը կատարեցին երկու ուսանողներու հետ, որոնք մեծ սիրով ու պատրաստակամութեամբ վերաբերուեցան անոնց հետ։ Ուսանողները բացատրութիւններ տուին համալսարանի պատմութեան եւ կրթական առանձնայատկութիւններուն մասին։
Տղոց կեցութեան օրերուն յատկանշական էր նաեւ Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարան տրուած այցելութիւնը։