ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԹՈՒՄՕ-Ի ԱՄՐԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն սաներ ամրան արձակուրդի շրջանին մեկնեցան Երեւան, ուր ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնէն ներս մասնակցեցան ամրան ճամբարին։ Սա դպրոցի սաներուն տեսակէտէ եզակի հնարաւորութիւն մըն էր, որովհետեւ անոնք համախմբուեցան աշխարհի զանազան անկիւններէն փութացած հարիւրաւոր պատանիներու հետ։ Իւրայատուկ բազմամշակոյթ միջավայրի մը մաս դառնալու հնարաւորութիւն ունեցան տղաքը, որոնք լիուլի օգտուեցան կարելիութիւններէն։

ԹՈՒՄՕ-ի ծրագրին մասնակցելու առընթեր, տղաքը շրջեցան Հայաստանի պատմամշակութային վայրերը եւ սքանչելի տպաւորութիւններ ունեցան այդ շրջագայութիւններուն բերումով։ Նոր ձեռքբերուած ծանօթութիւններն ալ եկան բազմապատկել ամրան արձակուրդի շրջանի իրենց խանդավառութիւնը։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018