ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան բանախօսութիւն մը։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ ելոյթի հրաւիրուած էին երկու հեղինակաւոր մասնագէտներ՝ փրոֆ. Նուրհան Ֆըստըքճը եւ հոգեբան Պիւշրա Կիզէմ Սէօնմէզ։ Այս վերջինները հոգեբանութեան եւ հոգեբուժութեան ոլորտներէն ներս կարեւոր մասնագէտներու շարքին կը դասուին։

Երէկուան բանախօսութեան ընթացքին անոնք մասնաւորապէս անդրադարձան քորոնաժահրի համավարակի ժամանակաշրջանին բնորոշ դժուարութիւններու եւ անոնց երեխաներու կամ նորահասներու վրայ գործած ազդեցութիւններուն։ Ներածական խօսքերէ վերջ ատենախօսները պատասխանեցին նաեւ որոշ հարցումներու։

Հուսկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները շնորհակալութիւն յայտնեցին արժէքաւոր մասնագէտներուն, որոնց յանձնեցին ծաղկեփունջեր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021