ԶԵԿՈՅՑ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան, 4 փետրուար 2019, երկուշաբթի, այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը, որուն կ՚ընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն Գերպտ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, սոյն այցելութիւնը կը կատարէր յանուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն ժամը՝ 11.00-ին, ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։

Սոյն այցելութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։

Շուրջ մէկ ժամուան մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեծայարգ նախարարը յայտնեց, թէ պետութիւնը տեղեակ է պատրիարքական ընտրութեան անցուդարձերուն եւ կը հետեւի զարգացումներուն։ Համբերութիւն պահանջեց, որպէսզի բարւոք լուծում գոյանայ։

Պատուիրակութիւնը յետմիջօրէին վերադարձաւ Իսթանպուլ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019