Ա. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՀԱՅ ՍՊԱՆԵՐՈՒ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ

«Tarih Vakfı»ի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուող «Toplumsal Tarih» պար­բե­րա­կա­նի Մարտ ամ­սուան թի­ւը ար­դէն լոյս տե­սած է ճոխ բո­վան­դա­կու­թեամբ։ Պար­բե­րա­կա­նի այս ամ­սուան թի­ւը կը բո­վան­դա­կէ հա­յոց տե­սա­կէ­տէ հե­տաքրք­րա­կան յօ­դուած մը, ո­րու հե­ղի­նակն է Այ­հան Աք­թար։ 

«Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տին օս­մա­նեան բա­նա­կին մէջ հայ զի­նուոր­ներ» խո­րագ­րեալ այս յօ­դուա­ծին մէջ ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րուի մեծ պա­տե­րազ­մի նա­խոր­դած շրջա­նին եւ պա­տե­րազ­մի իսկ ըն­թաց­քին հայ սպա­նե­րու եւ զի­նուոր­նե­րու կա­ցու­թեան վրայ։ Օս­մա­նեան Բ. Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մէն վերջ, 1909 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած օ­րէն­քի մը հի­ման վրայ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան ոչ-մահ­մե­տա­կան ա­րա­կան սե­ռէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը եւս զի­նուո­րագ­րուած էին։ Այ­հան Աք­թար հայ սպա­նե­րու եւ զի­նուոր­նե­րու կա­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է այդ ե­րե­ւոյ­թի լոյ­սին տակ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2015