ՈՉ ԵՒՍ Է ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԹԱՎՐԱ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու սիրուած ու յարգուած վարիչներէն մին՝ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թավրա։ Երէց սերունդէ մեր ազգայիններու շարքին ան ունէր իր ուրոյն տեղը։ Իր բազում սերնդակիցներուն նման, ծանր պայմաններով նետուած էր կեանքի պայքարի եւ կեանքի ողջ տեւողութեան ալ միշտ եղած էր տրամադիր՝ համայնքին ծառայութիւն մատուցելու ուղղութեամբ։ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած մեր ազգայիններու շարքին ան կ՚առանձնանար՝ իր յանձնառութիւններով եւ նուիրումով։ Երկար տարիներէ ի վեր կը վարէր եկեղեցւոյ ատենապետի պաշտօնը։

Վարուժան Թավրայի առողջութիւնը վերջին տարիներուն կ՚արձանագրէր վերիվայրումներ։ Ան կ՚ենթարկուէր դարմանումներու։ Մօտաւոր անցեալին յարաբերաբար կայուն, յարաբերաբար լաւ վիճակ մը ունէր, սակայն դժբախտաբար այդ բոլորը երկար չտեւեցին։ Վարուժան Թավրա չկրցաւ աւելի երկար դիմադրել անողոք հիւանդութեան եւ աչքերը փակեց կեանքին։ Իր կորուստը խոր սուգի մատնեց թէ՛ իր հարազատները եւ թէ ամբողջ Գումգաբուի Դրսի ընտանիքը։ Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը այսօր առանձնապէս ծանուցուած են ընտանեկան մահազդով։

Այս տխուր առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք Վարուժան Թավրայի ընտանիքին, Գումգաբուի Դրսի գործակից ընկերներուն եւ բոլոր սիրելիներուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 5, 2018