ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ
Մխիթարեան սանուց միութեան թատերախումբը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու նոր շարքով մը։ Պուրճու Թոքուչի բեմադրութեամբ խումբը յառաջիկայ շրջանին պիտի ներկայացնէ «Չըլկըն տիւնեա» խաղը, որ երկու արարներէ բաղկացեալ զաւեշտ մըն է։ Դերակատարներն են՝ Քրիս Տինչքայըքճը, Խաչիկ Ինկիլիզօղլու, Փերին Քոլուքըսաեան, Այլին Քէշիշօղլու, Անի Սիւրմէեան, Փոլին Սահակեան, Սելին Չավուշօղլու, Գարին Թահմինճիօղլու, Յակոբ Քիւփելի եւ Արթօ Արսէնեան։ Թատերախումբը ներկայիս թափով կը շարունակէ նախապատրաստական աշխատանքները։
Այս ներկայացումներու շարքը կը զուգադիպի Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Առաջին անգամ միութեան թատերախումբը միութենէն դուրս բեմի մը վրայ հանդէս պիտի գայ, որովհետեւ Մխիթարեան սանուց միութեան շէնքը ներկայիս քանդուած է։ Այս պայմաններուն ներքեւ, խաղը պիտի ներկայացուի «Ալի Փոյրազօղլու» բեմին վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, մխիթարեանցիները կը վերյիշեն նորոգ հանգուցեալ թատրոնի վարպետ Պերճ Ֆազլըեանը, որու մականին ներքեւ եօթանասուն տարի առաջ Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ սկսած էր թատերական շարժումը։