ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Երէկ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի խրախճանք մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցեցան իւրաքանչիւր համայնքային դպրոցէ երեքական սաներ։ Խրախճանքի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ դպրոցի ճատրակի ուսուցիչ Արաս Թոկաչ, որ տղոց լուսաբանութիւններ տուաւ յայտագրին շուրջ։ Մրցաշարքին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ դպրոցի փոխ-տնօրէն Նուրի Կիւչթեքին։ Ճատրակի մրցաշարքին առընթեր խրախճանքը կ՚ընդգրկէր յարակից բաժիններ. ինչպէս՝ ճատրակի պատմութիւն ու համապատասխան գիտելիքներ եւ հանելուկներ։
Անհատական դասաւորման մէջ դափնեկիրները հանդիսացան Լիտիա Փոլատ, Լեթիսիա Սիւրմէեան եւ Առէն Քիրփիքեան։ Խմբային դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ «Դեղին» խումբը, որու կազմին մէջ էին՝ Առէն Քիրփիքեան, Նարեկ Շարքլը, Իմմանուէլ Էրճին, Ալիշան Ռուբէն Հասար եւ Արին Ռոյ Սոմէր։
Ճատրակի խրախճանքը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի գնահատանքի խօսքով։