ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Պատրիարքարան այցելեցին դպրոցի Մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, սանուց միութեան պատուոյ նախագահ Թագուհի Մաթաթեան, ինչպէս նաեւ տիկնանց կազմէն Անի Քարաքելլէ եւ Մանիշակ Ույկունօղլու։

Հիւրերը նորին սրբազնութեան տեղեկացուցին, որ վարժարանի շրջափակէն ներս 21 Մայիսին նախատեսուած է Մխիթար Աբբահօր կիսանդրիի բացումը։ Զրոյցի տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այս կապակցութեամբ իրեն փոխանցուած հրաւէրին համար եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի պատասխանատուներուն յղեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Շաբաթ, Մայիս 5, 2018