ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները։ Իրենց կ՚ընկերանար հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլու։ Տղաքը այս տարեվերջին կը պատրաստուին հրաժեշտ առնել իրենց դպրոցէն։ Այցելութեան ընթացքին անոնք մեզի հրաւիրեցին իրենց շրջանաւարտութեան հանդէսին։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին աշակերտները անդրադարձան նաեւ մօտաւոր ապագայի վերաբերեալ իրենց մտադրութիւններուն։ Անոնք նշեցին, որ աւելի երկարաժամկէտ ծրագրեր յստակացնելու պարագան գործնականօրէն կը մնայ լիսէի տարիներուն։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտներուն եւ կը շնորհաւորենք բոլորը։

Երեքշաբթի, Յունիս 5, 2018