ՓՐՈՖ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐԸ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԷ՝ ՇՓՈՒԵԼՈՎ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ քաղաքս հրաւիրուած է Արմաւենի Միրօղլուի «Պոլսահայերը (1923-1939)» գրքի շնորհանդէսին առթիւ, այս շաբաթավերջը կ՚անցընէ Իսթանպուլի մէջ, իր կողակցին՝ Լուսինէ Մելքոնեանի հետ, որ Երեւանի քաղաքապետութեան թանգարանի ղեկավարութեան մաս կը կազմէ։ Իր կեցութեան օրերուն Աշոտ Մելքոնեան կը շփուի պոլսահայ շրջանակներուն հետ ու կը ծանօթանայ քաղաքիս պատմամշակութային տեսարժան վայրերուն։ Այս շրջագծով Մելքոնեան ամոլը երէկ այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը, ուր տեղւոյն վրայ մանրամասնութիւններ քաղեց թերթիս գործունէութեան շուրջ։
Իսկ երեկոյեան, Միրիճան եւ Արմաւենի Միրօղլու ամոլը ընթրիք մը կազմակերպեցին ի պատիւ Մելքոնեան ամոլին։ Նեղ շրջանակի մէջ սարքուած ճաշասեղան մըն էր այս մէկը, որուն հրաւիրուած էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն-Մերի Աւագեան ամոլը, Հայկ-Սաթենիկ Նշան ամոլը, Արթօ-Մարիամ Տրամէրեան ամոլը եւ Արա-Այլին Գօչունեան ամոլը։ Անմիջական զրոյցի ձեւաչափին մէջ սեղանակիցները բաժակ բարձրացուցին, որպէսզի Արմաւենի Միրօղլու շարունակէ իր գիտական աշխատանքը, ինչ որ թրքահայութեան արդի պատմութեան ծալքերու լուսաբանման առումով ունի կարեւոր նշանակութիւն։
Աշոտ եւ Լուսինէ Մելքոնեանները այսօր երեկոյեան կը մասնակցին Սեբաստահայերու հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ընթրիքին, իսկ վաղը Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ներկայ պիտի գտնուին կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։