ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԼԻՍԷՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ լիսէներու տնօրէնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերջին օրերուն իրերայաջորդ կը մէկտեղուի պոլսահայ կրթական մշակներու հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախընթաց օր Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուած էր պոլսահայ միջնակարգերու տնօրէններուն հետ, իսկ երէկ այս անգամ լիսէներու տնօրէններուն հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Նորին Ամենապատուութիւնը իւրաքանչիւր տնօրէնէն տեղեկութիւն քաղեց իր ներկայացուցած վարժարանի այժմու կացութեան շուրջ։ Ան շեշտը դրաւ մեր իրականութեան պարագային եկեղեցի-դպրոց միասնականութեան անբաժան ըլլալուն վրայ։ Թէեւ լիսէները կ՚ապրին իրենց շրջանաւարտները դէպի համալսարան առաջնորդելու հեւքը, սակայն, սա պէտք չէ պատճառ դառնայ հայերէնի եւ կրօնի դասաւանդութիւններու կարեւորութեան անտեսման։ Մնաց որ, այդ երկու առարկաները ուղղակիօրէն կը պայմանաւորեն մեր վարժարաններու առաքելութիւնը։

Զրոյցի տեւողութեան մեր լիսէներու տնօրէնները դիտել տուին, որ հայերէնի եւ կրօնի դասաւանդութիւնները կը կատարուին այնպիսի կրթական մշակներու կողմէ, որոնք փորձառու են կամ ինքնաշխատութեամբ կը պատրաստուին այդ գործին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ ընդառաջելու համար ուսուցիչներու սպասումներուն, որոնք միտուած են իրենց գիտելիքները կատարելագործելու։ Ան համոզուած է, թէ հայերէնի եւ կրօնի առարկաներու պարագային խնդիրները պէտք է դիտարկուին գործընթացի մը շարունակականութեան ամբողջին մէջ։ Տղաքը նախակրթարանէն սկսեալ այս առարկաներու պարագային պէտք է աստիճանաբար զարգացնեն իրենց գիտելիքները՝ լիսէի փուլին հասցնելով հնարաւորինս առաւելագոյնին։

Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ տնօրէնները ստացան օրհնութիւնը Նորին Ամենապատուութեան, որ իրենց նուիրեց Աթոռի վերջին հրատարակութիւններէն «Աստուածաշունչէն» գիրքը։

ՆՈՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Պատրիարքարանէ ներս հաստատուած է նոր՝ Ճաշի յանձնախումբ մը՝ Նորին Ամենապատուութեան հրամանով եւ օրհնութեամբ։ Երէկ, Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց այս յանձնախումբի անդամուհիները, որոնք Պատրիարքարանէ ներս կազմակերպուելիք ընդունելութիւններու ժամանակ պիտի բերեն իրենց օգտակարութիւնը։ Ուստի, ան յանձնախումբի անդամուհիներուն յղեց օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021