ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ կը շարունակուի Մեծ պահոց շրջանի բնորոշ ոգեւորութիւնը։ Նախընթաց օր Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց պատմական թաղի եկեղեցւոյ Արեւագալի աւանդական հոգեզմայլ արարողութեան։ Ան խօսեցաւ նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզ մը։ Ներկայ էին Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեան։ Արեւագալի ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ նաեւ ջրօրհնէք։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ ներկայ հաւատացեալները պատուասիրուեցան տեղւոյն թաղային խորհուրդին կողմէ։ Պահքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած հաւատացեալները Մեծ պահոց շրջանին իրարու հետ հաց բեկանելու ուրախութիւնը ապրեցան։ Սեղանը օրհնեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։