ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄԸ
Երէկ, «Թաքսիմ Հիլլ» պանդոկին մէջ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ 8 Մարտի Համաշխարհային կանանց օրուան ընդառաջ նախատեսուած էր այս ձեռնարկը, որու նպատակն էր Շիշլի մարզակումբի նոր տիկնանց կազմին ծանօթացումը։ Ցերեկոյթի մասնակիցները համախմբուեցան նախաճաշի սեղաններուն շուրջ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մարզակումբի վարչութեան ատենապետուհի Տիանա Ալթուն, որ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց Շիշլիի գործունէութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, դասընթացքներու շուրջ 300 մասնակիցներով, զանազան ճիւղերու եւ խումբերու շուրջ 150 մարզիկներով՝ Շիշլի մօտաւորապէս 500 հոգիէ բաղկացեալ մեծ ընտանիք մըն է եւ աւանդական ոգիով յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը։
Ձեռնարկի հիւրերէն մին էր 1984 թուականին Եւրոպայի գեղեցկուհի ընտրուած Նեշէ Էրպերք, որ փութացած էր յայտնելու համար իր զօրակցութիւնը։ Նեշէ Էրպերքի դուստրերը՝ Ալին, Լառա եւ Սելին Կուրտիկեանները ներկայիս մաս կը կազմեն Շիշլիի վոլէյպոլի առաջին խումբին։ Այս հանգամանքը առիթ հանդիսացած է, որ Նեշէ Էրպերք մօտէն հետեւի Շիշլիի գործունէութեան։
Ելոյթներէն վերջ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն մը եւ նորակազմ տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները միասնաբար հատեցին իրենց ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։
Շիշլիի նորաստեղծ տիկնանց կազմը կը գլխաւորէ Տիանա Ալթուն։ Միւս անդամուհիներն են՝ Թալին Պօղոսեան, Դալար Տոլար, Տիանա Փեհլիվանեան, Սէրլի Թեքպըչաք, Թամար Քարաքաշ, Անիթա Քարա, Մարալ Ըշըքպայ, Ճուլիա Այսելի, Թամար Սոմունճեան, Գարին Կիւր, Պելինտա Քուրան։