«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ։ Մեր հիւ­րե­րը ե­ղան այս տա­րուան ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն Ճու­լիա Բեր­գա­մա­լեան, Ար­թուր Նո­րի­կեան, Ա­նա­հիտ Ա­դա­մեան, Ճու­լիեթ­թա Պօ­ղո­սեան, Ժան­նա Մի­քա­յէ­լեան։ Ի­րենց կ՚ըն­կե­րա­նա­յին փոխ-տնօ­րէն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մէն Լի­լիթ Պօ­ղո­սեան եւ Թա­թիա­նա Դաւ­թեան, ինչ­պէս նաեւ դպրո­ցի բա­րե­րար Ար­թօ Հո­րո­զօղ­լու, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը գլխա­ւո­րէ կա­մա­ւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ դպրո­ցի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին Հա­յաս­տան մեկ­նիլ՝ յանձ­նե­լու հա­մար քննու­թիւն­ներ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ա­նոնց այս տա­րուան ա­ւար­տա­կան հան­դէսն ալ կազ­մա­կեր­պուած է ա­ւե­լի վաղ՝ այս նոյն քննու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով։

Ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րը ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին դպրո­ցի գոր­ծու­նէու­թեան ու ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ։ Ա­շա­կերտ­ներն ալ յու­զու­մի մէջ էին՝ ի­րենց ու­սում­նա­կան կեան­քէն ներս նոր փուլ մը թե­ւա­կո­խե­լու բե­րու­մով։ Տղա­քը տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ա­նոնք զրու­ցե­ցին թեր­թիս հրա­տա­րա­կու­թեան տնօ­րէ­նու­հի Նա­տիա Գօ­չու­նեա­նի եւ լրա­հա­ւա­քի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­րի Թա­շի հետ։

Հարկ է նշել, որ «Հրանդ Տին­ք» դպրո­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լով քննու­թիւն­ներ կը յանձ­նեն՝ ի­րենց ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար երկ­րի լի­սէ­նե­րուն մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ նա­խա­տե­սուած քննու­թիւն­նե­րուն կը մաս­նակ­ցին ա­նոնք եւ ի­րենց ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւ­նը միշտ կը ստեղ­ծէ լայն ար­ձա­գանգ։

Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2017