ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան մայրաքաղաք Անգարայի մէջ մէկտեղուեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան մթնոլորտի մը մէջ՝ նախագահ Էրտողան փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները հիւրընկալեց իֆթարի սեղանի մը շուրջ, որ սարքուած էր Չանքայայի ապարանքէն ներս։ Այս երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Էրտողանի կողքին էր Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշ։ Շարք մը նախարարներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ նախագահական աշխատակազմէն յառաջատար դէմքեր ալ ներկայ էին այս հաւաքոյթին, որու մասնակիցներու շարքին էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդի նորընտիր անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Այս հաւաքոյթէն առաջ տեղական մամուլը հաւանական օրակարգի մասին բազում տեղեկութիւններ հաղորդած էր, սակայն, հանդիպման յաջորդած հաղորդումներուն մէջ մանրամասնութիւններ չեն ներկայացուած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ընթրիքը անցած է ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ողջունելով հիւրերը՝ Էրտողան յայտնած է, թէ Թուրքիոյ բնորոշ գեղեցիկ տեսարան մը պարզուած է։ Ան նշած է, որ զանազանութիւնը երկրի հարստութիւնը կը համարուի։ Ներկաներն ալ անդրադարձած են միասնականութեան կարեւորութեան եւ ուրախութիւն յայտնած են այս հիւրասիրութեան կապակցութեամբ։

Իր կարգին, Պետրոս Շիրինօղլուն ալ մեզի յայտնեց, որ շատ դրական տպաւորութիւններ ունեցած է, հանրապետութեան նախագահը փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները հիւրընկալած է բարձր տրամադրութեամբ՝ ստեղծելով ընտանեկան միջավայրի համապատասխան անմիջականութիւն մը։ 

Թէ՛ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ թէ Պետրոս Շիրինօղլու այս իֆթարէն վերջ գիշերած են մայրաքաղաքի մէջ։ Անոնք այսօր արդէն վերադարձած են Իսթանպուլ։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Մերճանն ալ իսլամական աշխարհի Ռամազանին առթիւ իֆթարի սեղան մը սարքած է՝ հիւրընկալելով Միացեալ Նահանգներու մահմետական, քրիստոնեայ եւ հրեայ համայնքներէն հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ։ Այս ընթրիքին որպէս պատուոյ հիւր հրաւիրուած է նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանով։ Հաւաքոյթի ընթացքին դեսպան Մերճան ընդգծած է, որ աշխարհի վրայ ամէն կողմ պէտք է միասնաբար դիրք գրաւեն ատելութեան դէմ՝ ներառեալ հակաիսլամականութիւնը, հակաքրիստոնէութիւնը եւ հակասեմականութիւնը։ Ան մեծ կարեւորութիւն վերագրելով արտայայտուած է՝ Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնի ձեռնարկելէ առաջ Իսթանպուլի մէջ յունաց պատրիարքին եւ հրէից խախամապետին նման հոգեւոր առաջնորդներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն շուրջ։

 

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021