«ՓՈՒՆՋ ՄԸ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏ ՄԵՐ ՍՐՏԻ ԽՈՐՔԷՆ»

Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանաստեղծութեան երեկոյթ մը։ «Փունջ մը գեղարուեստ մեր սրտի խորքէն» խորագրեալ այս երեկոյթին ընթացքին լիսէի աշակերտները հայերէն եւ թրքերէն բանաստեղծութիւններ ներկայացուցին։ Թէ՛ հայկական եւ թէ թրքական գրականութենէն դասականացած գործերը աշակերտներուն կողմէ մատուցուեցան փայլուն յաջողութեամբ։ Երեկոյթին ծրագրի պատրաստութիւնը վերահսկած էին Արմաւենի Միրօղլու, Մարալ Սաթար եւ Ռապիշ Եուրտաքուլ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Էսաեանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրեր։ Բանաստեղծութիւններուն զուգահեռ աշակերտները հանդէս եկան նաեւ պարերով եւ երաժշտական կատարումներով։ Ձեռնարկի աւարտին տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։

Բանաստեղծութեան այս երեկոյթի աւարտին վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները շնորհաւորեցին թէ՛ աշակերտները եւ թէ անոնց ծրագիրը վերահսկած կրթական մշակները։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017