ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԴԱՍԱՐԱՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան 2016-2017 կրթական շրջանի արտադասարանային գործունէութիւններու արդիւնքները։ Խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան Շիշլիի կրթական տնօրէնութենէն Էրթան Տեմիրթաշ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագրին առաւել չափով մաս կազմեցին նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներու գիտական, մարզական, պարի, թատերական, նկարչութեան կամ յախճապակիի մշակման ոլորտներէն ներս ծաւալուած գործունէութեան արդիւնքը։ Միեւնոյն ժամանակ տղաքը ծանօթացուցին «Մէյքըր»ը, որ միջազգային բնոյթով գիտական աշխատութիւն մըն է։ Անոնք այս բոլորով արժանացան բարձր գնահատանքի։ Գեղարուեստական ճիւղի աշխատանքներուն մէկ մասն ալ ցուցահանդէսի ձեւաչափին մէջ ներկայացուեցան մասնակիցներուն։

Աւարտին գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Էրթան Տեմիրթաշ եւ Արփի Մանուկեան։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին արտադասարանային գործունէութիւններուն մասնակիցները բարձր գնահատանքի առարկայ դարձան եւ ամրան արձակուրդի ընդառաջ փոխանակեցին բարեմաղթութիւններ։ Հարկ է նշել, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս կարեւորութիւն կ՚ընծայուի արտադասարանային գործունէութիւններուն եւ այս ամբողջին մէջ մասնաւորաբար գեղարուեստական կրթութեան, մարմնամարզի եւ այլն։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017