ՍԱՐԱՅԼԸ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը ամրան արձակուրդի ներկայ շրջանին թափով կը պատրաստուի 2015-2016 կրթական շրջանին։ Կը տեղեկանանք, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս ներկայիս վերանորոգման աշխատանքներ կ՚իրականացուին՝ ֆիզիքական պայմանները կատարելագործելու առաջադրութեամբ։ Այս ծրագիրը կը հովանաւորուի Սարայլը ընտանիքին կողմէ, որ միշտ իր աջակցութեան առարկայ կը դարձնէ Թոփգաբուի վարժարանը։ Համայնքային բարերար Բարսեղ Սարայլը եւ իր զաւակները մօտէն կը զբաղին դպրոցի վիճակով ու չեն խնայեր իրենց աջակցութիւնը՝ երաշխաւորելու համար անոր կայունութիւնը։
Երկու հարիւր աշակերտի տարողութեամբ Թոփգաբուի վարժարանը կը պատրաստուի յառաջիկայ կրթական շրջանին մանկապարտէզին մէջ հիւրընկալել շուրջ քսան փոքրիկներ։ Այս պատրաստութիւններուն հետ ուղիղ համեմատութեամբ՝ վերանորոգութեան ծրագրին հիմնական բաժինը կեանքի կը կոչուի մանկապարտէզի պարագային։ Բացի ֆիզիքական նորոգութենէն, դպրոցի մանկապարտէզը կը վերակահաւորուի եւ նոր խաղալիքներով կ՚օժտուի։
Ներկայ նորոգութեան աշխատանքները կ՚ընդգրկեն նաեւ դպրոցի խաղահրապարակին եւ գրադարանին նորոգութիւնը։ Համացանցային կայքէջ մըն ալ կը պատրաստուի Թոփգաբուի վարժարանին համար։ Ի լրումն այս բոլորին անհրաժեշտ պայմանները կը ստեղծուին, որպէսզի ընկերային գործունէութիւնները տեսակաւորուին դպրոցէն ներս։
Թոփգաբուի ընտանիքին պատասխանատուները մեծապէս խրախուսուած կը զգան Սարայլը ընտանիքի այս աջակցութեան շնորհիւ։ Արդարեւ, Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը լրջօրէն կ՚ապաւինի համայնքային բարերարներու զօրակցութեան, որպէսզի պատմական այս դպրոցը տեւականացնէ իր առաքելութիւնը՝ մերօրեայ չափանիշներուն համապատասխան։