ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին երախտագիտութեամբ ու բիւր յարգանքով ոգեկոչեցին պոլսահայ մամլոյ բազմամեայ սպասաւորներէն Կարօ Համամճեանը, որ մօտաւոր անցեալին զոհ գացած էր քորոնաժահրի համաճարակին։ Հալըճըօղլուի գերեզմանատան մէջ, շաբաթ յետմիջօրէին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ հոգելոյս Կարօ Համամճեանի շիրմին վրայ՝ մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Լուսահոգի Կարօ Համամճեանի բարոյական ներկայութեան առջեւ հերթական անգամ խոնարհելու եւ իրենց յարգանքը մատուցելու համար համախմբուած էին իր հարազատներն ու բազմաթիւ սիրելիները։ Ներկաներու շարքին էին Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի, ինչպէս նաեւ «Մարմարա» օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան։ Քառասունքի առթիւ անոնք աղօթեցին հանգուցեալի յաւիտենական հանգիստին համար ու արդէն կարօտով վերյիշեցին իր քաղցր յիշատակը։ Անոնք նաեւ բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձուցին ննջեցեալի այրին՝ Անի Համամճեանը եւ համայն ընտանիքը։

Այս առթիւ մենք եւս կը կրկնենք մեր մաղթանքները, որպէսզի նորոգ հանգուցեալ Կարօ Համամճեանի յաւիտենական նենջը ըլլայ հանգիստ ու խաղաղ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2021