ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Սեբաստահայ գրող Մելիսա Քոչաք հրատարակեց յուշագրական հատոր մը՝ «Պիր թութամ կեչմիշ» խորագրով։ Գրքին մէջ հեղինակը կը պատկերէ Սվասի հայութեան անցեալն ու այժմու կեանքը, ինչպէս նաեւ անոնց մղած պայքարը եկեղեցի մը ունենալու համար։ Ան կը պատմէ նաեւ իր մեծհօր՝ հանգուցեալ Միհրան Քոչաքին կենսագրութիւնը։ «Րատիքալ»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ Քոչաք նշած է, թէ անցեալին կեանքը եղած է աւելի դժուար՝ ներկայի համեմատութեամբ։ «Միշտ գաղտնի մնալու եւ բաներ մը թաքուն պահելու ստիպուած էինք», ըսած է ան ու աւելցուցած՝ թէ այժմ կրնան ապրիլ առանց թաքցնելու իրենց ինքնութիւնը։
Քոչաքի համաձայն, Սեբաստիոյ հայերուն ամենամեծ խնդիրն է եկեղեցիի մը չգոյութիւնը։ «Լաւ քայլեր առնուած են եւ յոյս ունինք, որ դրական պատասխան մը պիտի ստանանք», ըսած է երիտասարդուհին։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024