ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ

Պաղլարպաշիի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի վերանորոգեալ շիրիմի բացման հանդիսութիւնը։ Սա առիթ մըն է վերյիշելու համար մեծանուն բանաստեղծը եւ վերագնահատելու համար իր ժառանգութիւնը։

Շիրիմը վերանորոգուած է Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզըեան եղբայրներու բարերարութեամբ եւ «Հայճար»ի ջանքերով։ Մինչ այդ, վերանորոգեալ շիրմի բացման ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ծրագրի բարերար Հրաչ Քըրմըզըեանն ու «Հայճար»ի սիւներէն Նազար Պինաթլըն եւ Դաւիթ Այնալըն։ Զրոյցի ընթացքին անոնք բացատրութիւններ տուին տարուած աշխատանքին շուրջ։ 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018