ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանն ու իր գործակիցները։ Այսպէս, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու, խնամակալութեան անդամներէն Ալէն-Տիրան Ներկիզ, ինչպէս նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Յառաջիկայ 21 նոյեմբերին նախատեսուած է Գալֆաեան ուխտի հիմնադիր Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի եւ միաբանութեան հանգուցեալ միւս մայրերու եւ քոյրերու հոգւոցն ի հանգիստ պաշտօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, այս փուլին կը նշուի նաեւ Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան տարեդարձը եւ կը կատարուի դպրոցի ի նպաստ տարեկան նուիրահաւաքը։ Ուստի, Գալֆաեան Տան վարչայինները այս փուլին ընդառաջ փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան, ուր ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը եւ իրեն տեղեկութիւններ տուին հաստատութեան այժմու վիճակին կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ համավարակի հետեւանքով այս տարի եւս սիրոյ սեղան պիտի չսարքուի։ Հանդիպման ընթացքին խնամակալները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին, որպէսզի այցելէ դպրոց եւ իր օրհնութիւնը բաշխէ սաներուն։

Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան զրոյցի ընթացքին խնամակալները ծաւալուն տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան՝ հաստատութեան այժմու վիճակին եւ գործունէութեան շուրջ։ Ըստ իրենց, հակառակ համավարակին, դպրոցի գիշերօթիկի բաժինը սկսած է գործել, սակայն շատ սահմանափակ թիւով աշակերտներ կ՚ընդունուին եւ առաւելագոյն միջոցներ ձեռք առնուած են՝ զգուշանալու համար վարակումներէ։ Անոնք ցաւով արձանագրեցին, որ այս շրջանին դպրոցի աշակերտութեան թիւը կը նուազի։ Յամենայնդէպս, խնամակալութիւնը բոլոր միջոցները ձեռք կ՚առնէ, որպէսզի պատմական այս կառոյցի առաքելութիւնը շարունակուի։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար ու հերթական անգամ ընդգծեց Գալֆաեան Տան առանձնայատուկ նշանակութիւնը մեր կրթական համակարգէն ներս։ Իր նկատառման յանձնուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ՝ ան գնահատեց խնամակալներուն կողմէ դրսեւորուած կամքը՝ վարժարանի գործունէութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու ուղղութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Տիանա Գամբարոսեանի կողմէ տասնամեակներէ ի վեր մատուցուած ծառայութեան մասին, ինչ որ լուրջ գործօն մը եղած է վարժարանի յարատեւութեան տեսակէտէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւով մատնանշեց, որ համավարակով պայմանաւորուած դժուարութիւններէն անմասն չէ մնացած նաեւ Գալֆաեան Տունը։ 

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութեան թելադրութիւնները լսելէ վերջ խնամակալները ստացան իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքները եւ հրաժեշտ առին Գումգաբուէն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 6, 2021