ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՄԷՋ
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) մէջ Յունուարի 5-ի երեկոյեան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ «Թուրքիոյ մէջ հայեր. յետցեղասպանութեան հասարակութիւն, քաղաքականութիւն ու պատմութիւն» գիրքին հեղինակը՝ Թալին Սուճեան։ Հիւրընկալ հիմնարկին անունով Կիւվէն Կիւրքան Էօզթանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս հաւաքոյթը։ Հարկ է նշել, որ Թալին Սուճեան Միւնիխի «Լութֆիկ Մաքսիմիլիըն» համալսարանի Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի Հետազօտութեանց կաճառին մօտ պաշտպանած էր վերոյիշեալ նիւթին մասին թեզ մը եւ այդ մէկուն անգլերէն բնագիրը վերջերս հրատարակուեցաւ նաեւ գիրքի ձեւաչափով։ Նոյն թեզին հիման վրայ կառուցուած էր Թալին Սուճեանի բանախօսութիւնը, որու սկիզբին ան ոգեկոչեց եւ յարգանքով վերյիշեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հանգուցեալ երախտաշատ աշխատակիցներէն Վարուժան Քէօսէեանը, որ ուսանողութեան շրջանին կատարած հետազօտութիւններուն համար լուրջ օգնութիւն ցուցաբերած էր իրեն նկատմամբ։
Թալին Սուճեան տուեալները ներկայացուց՝ տարեգիրքերու, օրաթերթերու, պարբերական մամուլի, քաղաքի պատմութիւններու եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի արխիւներու բովանդակած տեղեկութիւններուն հիման վրայ։
Բանախօսութեան տեւողութեան ան մատնանշեց, որ հայոց պարագային Թուրքիոյ մէջ երկար ժամանակ խնդրոյ առարկայ էր նաեւ «արխիւի ուրացում» մը, որովհետեւ հայկական աղբիւրները կը ստորագնահատուէին ու պետական աղբիւրները կը համարուէին գերակայ, աւելի հաւաստի։ Այդ մտայնութեան լոյսին տակ հաւաստի միակ աղբիւրները կը համարուէին Օսմանեան արխիւները։ Վերջին տարիներուն, ըստ Թալին Սուճեանի, այս առումով ապրուեցան փոփոխութիւններ։ Հայոց աղբիւրներն ու անհատական վկայութիւնները կամ յուշերը սկսան աւելի լուրջ վերաբերմունքի առարկայ դառնալ։ Ան բացատրեց, որ այդ բոլորը մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր կարծես գոյութիւն չունենային։ Հեղինակները արդէն մահացած էին եւ սիսթեմաթիք ձեւով անոնց նկատմամբ պահուած էր հեռաւորութիւն, իսկ այժմ անոնց նկատմամբ որդեգրուած այդ հեռաւորութիւնը, վերապահութիւնը կը լքուի։ Այս կէտին վրայ Թալին Սուճեան շեշտեց հայերէնով ու մասնաւորապէս արեւմտահայերէնով աղբիւրներէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը՝ կատարեալ պատկերացումներ կազմելու տեսանկիւնէն։ Սուճեան առանձնապէս կարեւորեց նաեւ բանաւոր պատմութիւնը։ Նիւթը մեկնաբանելու ժամանակ ան ընդգծեց նաեւ, որ ցեղասպանութիւն մը ապրուած աշխարհագրական տարածք մը չի կրնար երբեք վերադառնալ այդ անցեալին։
Ելոյթին տեւողութեան Թալին Սուճեան յետցեղասպանութեան, Հանրապետական շրջանի կտրուածքով հայկական արխիւային նիւթերու, աղբիւրներու փրկութեան տեսանկիւնէն երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ հանգուցեալ Վարուժան Քէօսէեանի ջանքերուն շուրջ։ Ան հետաքրքրական բաղդատութիւններ ըրաւ զանազան տուեալներու եւ արխիւներու միջեւ, մասնաւորապէս մեկնաբանելով յետցեղասպանութեան շրջանի վերաբերեալ պետական արխիւներու տուեալներուն բնոյթը։ Հանրապետական շրջանի երեւոյթներուն շուրջ խօսելով՝ ան ըսաւ, թէ աշխարհավար դրութիւնով նախատեսուած էր հաւասար քաղաքացիութիւն եւ նոյն շրջագծով փոքրամասնութիւններու համայնքային սահմանադրութիւնները ջնջուեցան, ներառեալ Հայոց ազգային սահմանադրութիւնը։ Սկզբնական շրջանին նոյնիսկ փոքրամասնութիւններու մամուլը շփոթութեան մէջ էր՝ մասնաւորապէս հոգեւոր կեդրոններու վարչական դերակատարութեան ապագային վերաբերեալ նիւթերուն տեսանկիւնէն։ Թալին Սուճեան այս կէտին վրայ կանգ առաւ մանաւանդ հոգելոյս Զաւէն Պատրիարք Տէր-Եղիայեանի յուշերուն եւ Հանրապետական շրջանի թրքահայոց առաջին պատրիարք հոգելոյս Մեսրոպ Արք. Նարոյեանի յուշերուն վրայ։ Այդ բոլորէն վերջ ատենախօսը ընդգծեց, թէ Հանրապետական շրջանի պատրիարքները այլեւս չեն գրեր իրենց յուշերը, մինչ Նարոյեան Պատրիարք վերջին անգամ գրած էր, թէ առանձին է եւ չունի Աստուծմէ զատ ապաւէն մը։
Ըստ Թալին Սուճեանի, 1926-էն վերջ Անատոլուի՝ այսինքն հայաբնակ գաւառներուն մէջ չմնաց որեւէ բաց հայկական վարժարան։ Հետեւաբար, Լոզանի դաշնագիրը գործնականին մէջ միայն Իսթանպուլի մէջ ի զօրու դարձած էր։ Զուգահեռաբար գաւառի հայութիւնը տեղափոխուեցաւ դէպի Պոլիս, ուր կարծես ստեղծուեցաւ «ներքին սփիւռք մը»։ Ի լրումն այս բոլորին, Թալին Սուճեան մատնանշեց այդ շրջանի հայ մամուլին մասին պատրաստուած երկար տեղեկագիրներուն շուրջ, որ կը գտնուի պետական աղբիւրներուն մէջ։ Նոյնպէս արտասահմանի հրատարակութիւններուն վերաբերեալ որդեգրուած վերաբերմունքն ալ մեկնաբանեց Թալին Սուճեան ու շեշտեց, թէ հայ մամուլին կողմէ այդ հանգրուանին ծաւալուած գործունէութեան նշանակութիւնը շատ էական էր, պատմական նիւթերու շուրջ հրատարակուած թերթօն վէպերով հանդերձ։ Թալին Սուճեան շեշտեց, որ այդ շրջանի թերթերը լի էին փոքրամասնութիւններուն տրուելիք իրաւունքներու վերաբերեալ լուրերով, սակայն երբեք չիրականացան այդ բոլորը։ Թալին Սուճեան դիտել տուաւ, որ սահմանադրութիւններու լիարժէք գործադրութեան ընդհատումով պատրիարքներու եւ համայնքի յարաբերութիւնն ալ սահմանափակուեցաւ լրջօրէն։
Բանախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխան։ (Լուսանկար՝ Արի Թաշ)