ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ երէկ Եշիլգիւղի «Լը Շաթօ-էր» ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սեղան մը։ Բարեկենդանի տօնին ընդառաջ այս ճաշկերոյթին շարժառիթով համախմբուեցան մեր համայնքէն բազմաթիւ տիկիններ, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայկան Փոլատ։ Սեղաններու շուրջ համախմբուած տիկինները հաճելի ժամանց ունեցան՝ Հաքան Էսէրի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Բոլոր մասնակիցները ունեցան գոհ տպաւորութիւն իրարու հետ անմիջական զրոյց ունեցած ըլլալով։

Այս ճաշկերոյթը կազմակերպած տիկնանց կազմին կ՚անդամակցին հետեւեալ անունները. Ժագլին Զատիկօղլու, Աղաւնի Շալճըօղլու, Հայկան Փոլատ, Արեգնազ Թուրունչ, Իսկուհի Տէյիրմենճիօղլու, Թալին Թաշճեան, Էլիզ Թունկուչ, Ազնիւ Կաւար։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 7, 2018