ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՀԱՅՐԻ ԻՆԷՕՆԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Իւ­նէօ­նիւն։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան կող­քին էր Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան։ Ի­նէօ­նի­ւին կ՚ըն­կե­րա­նար իր նո­րան­շա­նակ խորհր­դա­կա­նը՝ Սի­րան Սուր­քի։ Քա­ղա­քա­պե­տը Պատ­րիար­քա­րան փու­թա­ցած էր շնոր­հա­ւո­րե­լու հա­մար հայ հա­մայն­քին Ս. Զատ­կի տօ­նը։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի ան­ձին մէջ քա­ղա­քա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց տա­ղա­ւա­րին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Հայ­րի Իւ­նէօ­նի­ւի այ­ցե­լու­թեան հա­մար ու փո­խա­դար­ձեց իր բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րուն։ Ան ող­ջու­նեց նաեւ Սի­րան Սուր­քիի խորհր­դա­կան նշա­նա­կուի­լը եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց ա­նոր։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2016