ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԷՆ ԼԱՒ ԼՈՒՐԵՐ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աղբիւրները երէկ հերթական անգամ համայնքային շրջանակները լուսաբանեցին՝ եկեղեցապատկան ապարանքի վերանորոգութեան ծրագրին շուրջ։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան յայտնեց, որ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի սեփականութիւնը հանդիսացող ապարանքի վերանորոգութեան ծրագիրը ի կատար ածուելու վրայ է։ Ներկայիս վերջին չնչին աշխատանքները կը շարունակուին եւ ամբողջ գործը արդէն շուրջ տասն օրուան մէջ կրնայ վերջացած ըլլալ։ Թաղային խորհուրդի մաղթանքն է, որ այս ձեռքբերումը բարեբեր ըլլայ մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ։

Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը վերանորոգեալ այս ապարանքը յառաջիկայ շրջանին վարձակալութեան տալ կը ծրագրէ։ Միեւնոյն ժամանակ, թաղային խորհուրդի երէկուան հաղորդումներուն մէջ դիտել տրուած է, որ մօտաւոր ապագային եկեղեցիէն ուրիշ դրական լուրեր ալ պիտի հասնին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 7, 2022