ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 24 Յունիսի կանխահաս ընտրութիւններուն Մարգար Էսաեան վերստին երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած է ԱՔ կուսակցութեան կողմէ։ Ընտրութիւններուն ընդառաջ Մարգար Էսաեան փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան՝ ստանալու համար նորին սրբազնութեան օրհնութիւնը։ Իրեն ընկերացան ԱՔ կուսակցութենէն ներկայացուցիչներ։

Ընդունելութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմօրէն ողջունեց Մարգար Էսաեանն ու ընկերակիցները։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան թէ՛ երկրի եւ թէ համայնքային օրակարգի զանազան հարցերու շուրջ։

Հանդիպման աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոխանցեց իր օրհնութիւնները Մարգար Էսաեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց՝ գնահատելով իր յանձնառութիւնը մեր երկրին մատուցուելիք ծառայութիւններու ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018