ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի անդամները՝ գլախաւորութեամբ ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեանի։ Կայանի պատասխանատուները Պատրիարքարան այցելեցին՝ նորին սրբազնութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրելու համար եղանակի բացման պաշտօնական հանդիսութեան, որ նախատեսուած է 1 Յուլիս 2018, Կիրակի։ Հաստատութեան վարիչները խնդրեցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահէ օրուան Ս. Պատարագին եւ յաջորդելիք սիրոյ սեղանին։

Խնամատար մարմնի անդամները զրոյցի տեւողութեան բացատրութիւններ տուին ամրան ընդառաջ Կազդուրման կայանէն ներս տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Անոնք յայտնեցին, որ այս տարի եւս ապահովուած են ֆիզիքական նուազագոյն պայմանները եւ մշակուած է բազմակողմանի ծրագիր մը՝ սաներու ամրան շրջանի նպատակասլաց ժամանցին համար։

Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած տեղեկութիւններուն կապակցութեամբ, գնահատեց Կազդուրման կայանի յարատեւութեան համար տարուած աշխատանքները ու բոլորին մաղթեց բարի ամառ մը՝ յղելով իր հայրական օրհնութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018