Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԿՐԵՏԷ ԿՂԶԻ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը պատրաստուի այցելել Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Ինչպէս ծանօթ է, Կրետէ կղզիի հայ առաքելական համայնքը մաս կը կազմէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններուն։

Յաջորդ տարի՝ 2019 թուականին պիտի նշուի Կրետէ կղզիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակը։ Այս յոբելեանին ընդառաջ արդէն կ՚իրականացուին նախապատրաստական աշխատանքներ։ Կրետէի հայութիւնը փափաքած է, որ յոբելեանին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շնորհէ հովուապետական այցելութիւն մը։ Սա անշուշտ տարբեր տարողութիւն մը եւ իմաստ մը պիտի վերագրէ այս յոբելեանին։

Կը նախատեսուի, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կրետէ մեկնի յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։ Նկատի ունենալով, որ յոբելեանի նախապատրաստութիւնները միեւնոյն ժամանակ պիտի կրեն հովուապետական այցելութեան նախապատրաստութիւններու բնոյթը՝ նոյն օրերուն Կրետէի մէջ պիտի գտնուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը։ Այսպէս, Հայաստանի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան եւս պիտի այցելէ Կրետէ՝ տեղւոյն եկեղեցւոյ 350-ամեակի յոբելենական նախապատրաստութիւններու ծիրին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութեան նախապատրաստութիւններուն համար շփումներ կը մշակուին նաեւ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ տեղւոյն թեմին հետ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Կրետէի մէջ պիտի մնայ շուրջ շաբաթ մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 7, 2018