ՊԱԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցան Պալեան գերդաստանի արքունի ճարտարապետները։ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս, ՀԱՅՃԱՐ-ի ջանքերով անոնց համար պատրաստուած յուշարձան-դամբարանին մօտ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի ձեռամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով, ՀԱՅՃԱՐ-ի ընտանիքը հոկտեմբերին կ՚ոգեկոչէ Պալեանները։

Նոյն առթիւ ոգեկոչուեցան նաեւ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան, կրթական մշակ Մատթէոս Զարիֆեան եւ հոգելոյս Տ. Շահան Արք. Սվաճեան, որոնց շիրիմներն ալ կը գտնուին նոյն գերեզմանատան մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2020