ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նոր ե­ղա­նա­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հա­ւա­քոյ­թը։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ սո­վո­րա­կան, ըն­թա­ցիկ ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, սա­կայն ե­րէ­կուա­նը ու­նէր ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն, յո­բե­լե­նա­կան բնոյթ, ո­րով­հե­տեւ Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թիւ­նը այս տա­րի կը թե­ւա­կո­խէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 70-րդ շր­ջա­նը։ Տաս­նա­մեակ­նե­րու տե­ւո­ղու­թեան այս միու­թեան կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան ամ­բող­ջին մէջ յատ­կան­շա­կան հանգ­րուան մը կը հա­մա­րուի այս մէ­կը։ Զու­գա­հե­ռա­բար, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քին ան­դամ­նե­րը հա­մա­կուած էին տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, վար­ժա­րա­նի մա­տա­կա­րար մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, միու­թեան զա­նա­զան շրջան­նե­րու ա­տե­նա­պետ­ներ կամ վար­չա­յին­ներ, զա­նա­զան շրջան­նե­րէ մխի­թա­րեան­ցի­ներ եւ այլ հիւ­րեր։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած վար­չու­թիւ­նը ջերմ հիւ­րա­սի­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք ու­րա­խա­կից դար­ձան յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նի մեկ­նար­կին։ Իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ Վար­դան Պալ­մում­ճեան ընդգ­ծեց, որ վար­չու­թիւ­նը մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին հա­մար մշա­կած է բազ­մա­կող­մա­նի ծրա­գիր մը, ո­րու հիմ­նա­կան նպա­տակն է մեր նոր սե­րուն­դին, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մախմ­բու­մը։

Նոր ե­ղա­նա­կի բաց­ման հա­ւա­քոյ­թի ձե­ւա­չա­փին մէջ, ե­րե­կոյ­թի ծրագ­րին նե­րառ­նուած էր նաեւ Վեր­ճի­հան Զիֆ­լիօղ­լուի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած «Araftaki Ermenilerin Hikayesi» ա­նուն գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը։ Հարկ է նշել, որ այս գիր­քին լոյս ըն­ծա­յուած է «Ի­լե­թի­շիմ» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ։ Այս առ­թիւ հե­ղի­նակն ալ ար­տա­սա­նեց իր սրտի խօս­քը, պա­տաս­խա­նեց գրա­սէր­նե­րու հար­ցում­նե­րուն եւ մա­կագ­րեց գիր­քը։

70-ա­մեա­կի մեկ­նար­կին շար­ժա­ռի­թով միու­թեան եր­դի­քին տակ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս հա­տուե­ցաւ նաեւ կար­կան­դակ մը եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ըն­դու­նե­լու­թեան տե­ւո­ղու­թեան հա­ճե­լի զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ, մինչ Ա­րա Համ­բա­րեան ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր մըն ալ գոր­ծադ­րեց իր ձեռ­նա­դաշ­նա­կով։  

Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015