ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ան­ցեալ շաբ­թուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէս մը՝ Թարգ­ման­չաց տօ­նին առ­թիւ։ Վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը։ Տղա­քը յայ­տագ­րին շրջագ­ծով ու­նե­ցան զա­նա­զան ե­լոյթ­ներ։ Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան փո­խան­ցեց իր խօս­քը դպրո­ցի փոք­րիկ­նե­րուն։ Դպրո­ցի տնօ­րէ­նը յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նեց ի­րեն։

Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած էր Գա­րե­գին Պար­սա­մեա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ, կրթա­կան մշակ­ներ՝ Ա­չե­լիա Սթեր­կիա­տի­սի, Աս­լին Տիշ­չիի, Ի­րէն Տիւ­վեն­ճիի, Շի­լա Ճան­տա­նի, Մե­րիհ Համ­բա­րեա­նի, Նո­էլ Յու­լի­կեա­նի եւ Պէաթ­րիս Աթ­մա­ճա­յի ջան­քե­րով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016