ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Կեդրոնական վարժարանին մէջ Ամանորի սեմին տեղի ունեցաւ քէրմէս մը ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ։ Աւանդական այս ձեռնարկի բացման մասնակցեցաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Այս տարի քէրմէսը ունեցաւ առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ տաղաւարները բացուեցան դպրոցի պատմական սրահին մէջ։ Երկու օրուան տեւողութեան քաղաքիս զանազան հայաբնակ թաղերէն Կեդրոնականի համակիրներ այցելեցին քէրմէսը, մինչ դպրոցի աշակերտներն ալ երաժշտական կատարումներով ներկայացան անոնց։

Այս քէրմէսը կազմակերպած ծնողաց միութեան կազմին մէջ կը գտնուին հետեւեալ անունները.

Սեդա Պէշիկթաշլեան (ատենապետուհի), Ժանէթ Արծիւեան, Մանիշակ Փուլաշ, Լետա Չիֆթճեան, Ժագլին Քեշիքճիօղլու, Աղաւնի Թուրաչ, Լինտա Սոլաք, Պանու Էօզտեմիր, Նուր Խաչիկօղլու, Նաթալի Օքթայ, Թալին Պոզթաշ, Հիլտա Քէօսէօղլու եւ Հայրիյէ Փէք։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 7, 2019