ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՀՄԱՅԵՑ ԻՐ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐԸ

Երէկ երեկոյեան ամերիկահայ յայտնի երգիծաբան Վահէ Պէրպէրեան ելոյթ մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի զուարճախօսութիւնը։ «Ուրեմն» խորագրեալ ելոյթը արժանացաւ իր պոլսահայ համակիրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Բոլորին համար իսկապէս կախարդական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Վահէ Պէրպէրեան հերթական անգամ հմայեց իր լսարանը՝ իր երգիծական կարողութիւններուն միացնելով բարձրաքննող մտքի դրսեւորումները։ Հայ իրականութեան վերաբերեալ երեւոյթները զանազան երեսակներով խոշորացոյցի տակ առաւ Վահէ Պէրպէրեան, որ թէ՛ ծիծաղի եւ թէ մտածումի խաչմերուկին վրայ ներկաներուն առջեւ պարզեց իր մտքի պատկերը։

Հարկ է նշել, որ երէկուան երեկոյթը կազմակերպուած էր «Աւետիքեան» առցանց բառարանին կողմէ։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սարին Աքպաշ։

Երեկոյթի աւարտին Վահէ Պէրպէրեան մուտքասրահին մէջ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր համակիրներուն կողմէ, որոնք լուսանկարուեցան իր հետ։

Ուրբաթ, Մարտ 8, 2019