ՅՈՒԶՄԱՆ ՄԵԾ ՏԱՐԱՓ
Երէկ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Գումգաբուի մէջ հերթական անգամ զանգերը ղօղանջեցին տխուր, մինչ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Մկրտիչ Մարկոսեանի յուղարկաւորութեան։ Իսկապէս յուզման մեծ տարափ մը ստեղծուեցաւ արարողութեան ընթացքին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց հոծ թիւով սգաւորներ։ Մկրտիչ Մարկոսեան յաւերժութեան ուղեւորման փուլին առարկայ դարձաւ համատարած յարգանքի։ Սա թէեւ հերթական անգամ էր, սակայն, բոլորին համար խորապէս յուզումնալի էր, որ ֆիզիքապէս կ՚ըլլար վերջին անգամ։
Հանդիսադիր Սրբազան Հօր կողքին էին հոծ թիւով հոգեւորականներ։ Մկրտիչ Մարկոսեանի դագաղը մահաբեմին վրայ զետեղուած էր լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան, Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան, փրոֆ. Արսէն Արշըք, Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն Աւետիս Տինք եւ Նուպար Տինչէօզ։
Յուղարկաւորներու շարքին էին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, երեսփոխաններ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, համայնքային շրջանակներէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, Մկրտիչ Մարկոսեանի գրականութեան համակիրներ, որոնց բոլորն ալ մէկ կողմէ իրենց վերջին խոնարհումը բերին յայտնի գրողի վաստակին առջեւ, իսկ միւս կողմէ փորձեցին մխիթարել անոր ընտանիքը, որ իսկապէս մեծ ցնցում մը կ՚ապրի։
Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ կուռ դամբանական մը՝ հայերէնով եւ թրքերէնով, վեր առնելով Մկրտիչ Մարկոսեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ նորոգ հանգուցեալ Մկրտիչ Մարկոսեանի անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ մտաւորականաց բաժնէն ներս։ Թաղման կարգին ժամանակ ալ եղան դամբանախօսութիւններ։ Երեւանէն գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանի կողմէ ուղարկուած ցաւակցականը ընթերցուեցաւ հանգուցեալի եղբօր՝ Արտաշէս Մարկոսեանի կողմէ։ Գերեզմանատան մէջ դամբանախօսեցին նաեւ Մասիս Քիւրքճիւկիլ եւ Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէն։
Թաղման ժամանակ Մկրտիչ Մարկոսեանի ծննդավայրէն բերուած հողն ալ խառնուեցաւ հանգուցեալի դագաղին վրայ ծածկուածին մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 03/03/2025
- 03/03/2025